2008-11-29 09:23:15

Ծիսական ժամանակացոյցը Շաբաթ` նոյեմբեր 29, Բ Յիսնակաց,


տօն` Բարդողոմիոս եւ Թադէոս առաքեալներու։

Ս. Բարդողոմիոս – Յովհաննէս Աւետարանին համաձայն իր առաքելութեան կոչումը կը կատարուի Նաթանայէլ անուան տակ։ Ան եղաւ առաջին վեց առաքեալներէն մէկը։ Իր անունը կ՛երեւի Յիսուսի յարութենէն յետոյ, եկրորդ հրաշագործ ձկնորսութեան ընթացքին։ Աւանդութեան մը համաձայն, Իրան քարոզելէ ետք կը մտնգ Հայաստանի սահմանները եւ կը շարունակէ Էադէոսի գործը։ Կը թափանցէ արքունիք եւ թագաւորի քոյրը դարձի կը բերէ, որուն պատճառաւ կը ձփրբակալուի Սայոց Սանատրուկ թագաւորին կողմէ, սաստիկ չարչարանքներու կ՛ենթարկուի, մինչեւ իսկ մորթազերծ ըլլալով կը նահատակուի Հայաստանի հարաւ արեւելեան մասին մէջ։

Յուդայ Յակոբեան կամ Թադէոս – Աւանդութեան համաձայն Թադէոս առաքեալը նախ կու գայ Եդեսիա կը բուժէ եւ քրիստոնեայ կը դարձնէ Աբգար թագաւորը։ Թադէոս իր քարոզութիւնը առաջ կը տանի դէպի հիւսիս, կը մտնէ Հայոց Սանատրուկ թագաւորի սահմանները, դարձի կը բերէ շատ հայեր, թագաւորին դուստրը Սանդուխը, որ կը նահաճակուի հօրը ձեպռքով։ Ի վերջոյ Թադէոս իր կարգին կը նահատակուի սուրով Ատրպատական գաւառի մէջ, ուր կր ցցուի իր գերեզմանը մինչեւ այսօր, որուն վրայ Եկեղեցի մը կառուցուած է։

Համօռէն առաքեալներու Շարականէն

Հայրատունգ այգիին հրեղէն պարիսպներ եւ բարձր աշտարակներ, ոսկեղէն բաժակներու ժիր մատրուակողներ, Հայաստանի հոգեւոր հայրեր` ս. Բարթողոմիոս եւ Թադէոս, բարեխօս եղէք Տիրոջ մօտ մեր անձերուն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.